2016-01-06 10:32:00

Պատանիներու միսիոներական օր` զօրակցութիւն եւ աւետարանում։


(Ռատիօ Վատիկան) 6 Յունուարը` Աստուածայայտնութեան տօնին օրը, է նաեւ Պատանիներու միսիոներական օր, որուն ընթացքին մանուկներ եւ պատանիներ կը դառնան դերակատարներ զօրակցութեան եւ իրենց հասակակիցներուն աւետարանիչներ։

Այս առթիւ եկեղեցիներու մէջ տեղի կ՛ունենայ դրամահաւաք որուն նպատակն է երաշխաւորել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ իրագործուած ձեռնարկներու ֆինանսաւորումը։

2016 տարուայ Պատանիներու միսիոներական օրուայ բնաբանն է ''Աղքատ Յիսուսի նման''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.